Վիքիճամբար
  • ENG
  • РУС
  • ՀԱՅ
  • ԳՐԱՆՑՎԻՐ ԱՅՍՕՐ

ԼՍԻՐ ՄԵՐ
ՃԱՄԲԱՐԱԿԱՆՆԵՐԻՆ

Սիլվիա Սէրայտարեան

16/5/2017

Comments

 
Ուիքի Ճամբարի մթնոլորտը բոլորովին տարբեր եւ իւրայատուկ է այլ ճամբարներէ, որուն ընթացքին ուրախութեան ու բոլոր խաղերուն կողքին հայերէն լեզուն է որ կը ծաղկեցնենք։ Ես այսօր, իսկապէս բառ չեմ գտներ բացատրելու համար իմ ուրախութիւնս... Ես այսօ՛ր կը զգամ թէ իսկական հայ եմ...
Picture
2015-ի դպրոցական տարեշրջանի ամավերջի քննութեան վերջին օրն էր, վերջին քննութիւնը...Տնօրէնը, ձեռքերուն տրցակ մը թուղթերով մտաւ դասարան...եւ սկսաւ խօսիլ արեւմտահայերէն Ուիքի ճամբարին մասին...

Առաջին հետաքրքրուողներէն էի, եւ շատ ոգեւորուած... սակայն մտահոգութիւններ սկսան ծնիլ մէջս, եւ ետ քաշուեցայ, որովհետեւ չէի գիտեր ճամբարին ընթացքին մասին, ապա մեր տնօրէնին եւ հայերէն լեզուի ուսուցչուհիին քաջալերանքները զիս մղեցին, որ մասնակցիմ վերոյիշեալ ճամբարին: Հետզհետէ ոգեւորութիւնս աճեցաւ, եւ անհամբեր դարձայ...

Երկուշաբթի 3 Օգոստոս 2015...պայծառ, ուրախութեամբ լի օր մը...երբ ճամբայ ինկայ դէպի «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահ, որ ճշդուած էր իբրեւ ճամբարականներու հաւաքավայր...հոգիս թիթեռնիկի մը նման կը թռչէր...մէկ բառով, ամբողջ սրտով ուրախ էի... փոխադրամիջոցը «սուրաց» դէպի Զմմառ:

Եւ ահա արդէն համակարգիչին դիմացն էի...եւ մատներս սկսան պարել գրաշարին վրայ, եւ հետզհետէ պարը արագացաւ:

Տասնօրեայ ճամբարը անցաւ ակնթարթի մը պէս։ Բոլորս տարեկից, նոր ընկերներ, նոր միջավայր, իսկ ամենահետաքրքրականը եւ ձեւով մը յուզիչը շատ հարազատ հայկական ճոխ ու խանդավառ մթնոլորտի ստեղծումն էր, իւրաքանչիւր ակնթարթ հայերէն բառ մը, նախադասութիւն մը կամ ինչո՛ւ չէ հայ գիտնականի մը կենսագրութիւն մը կ՛անցնէր մեր մտերմիկ աշխատավայրէն ներս:

Ապա մասնակցեցայ Հայաստանի Աղուերան շրջանին մէջ տեղի ունեցած երկու տարբեր «Ուիքի ճամբար»ներու, որոնցմէ ետք, 2016-ի ամրան մասնակցեցայ Փորթուկալի մէջ տեղի ունեցած այլ Ուիքի Ճամբարի մը, որուն մասնակիցները եկած էին տարբեր երկիրներէ: Իսկապէս սքանչելի զգացում մըն է, որ նոյնիսկ բառեր չեմ գտներ բացատրելու համար զգացումներս: Երեւակայական, սակայն իրաւ. աշխարհի տարբեր կողմերէն եկած Հայ երիտասարդներ, իրարու բարեւելէ ետք, արդէն հայկական շուրջպարն ու հայերէն աւանդական երգերը սկսած էին իրենց հանդէսը...ապա, բոլորս իրարու օգնելով արդէն անցած էինք մեր խմբագրման աշխատանքներուն։

Ուիքի Ճամբարի մթնոլորտը բոլորովին տարբեր եւ իւրայատուկ է այլ ճամբարներէ, որուն ընթացքին ուրախութեան ու բոլոր խաղերուն կողքին հայերէն լեզուն է որ կը ծաղկեցնենք։ Ես այսօր, իսկապէս բառ չեմ գտներ բացատրելու համար իմ ուրախութիւնս... Ես այսօ՛ր կը զգամ թէ իսկական հայ եմ...այսօր կը զգամ թէ պապերուս 1915-ի կատարած ովկիանոսի մը նման զոհողութիւններուն դիմաց ափ մը երախտագիտութիւն կը նուիրեմ...Ես այսօր կը զգամ թէ արեւմտահայերէն Ուիքիի մէջ խմբագրած յօդուածներս կը ծառայեն հայ դատին... Ես այսօր կը զգամ, թէ իմ մատներովս կը ծաղկեցնեմ հայ ժողովուրդի ապագան, որովհետեւ մարդ գիտելիքներով է, որ կը ծաղկի ու կը յառաջդիմէ:

Այսօր, իւրաքանչիւրս, կաթիլ մը յօդուածով կը լեցնէ ապագայ սերունդներուն աղբիւրները՝ զանոնք վերածելով ովկիանոսներու:

Հիմա, մեր առած քայլը առաջին քայլն է յաջողութեան ճամբուն վրայ... մանուկի մը տակաւին փափուկ ոտքերով՝ մագլցելով «հասնելու համար մեր սուրբ Արարատի գագաթը», կարծրացնելով զանոնք Արարատի փէշերուն, մեր մայր հողին վրայ:

Իսկապէս շատ մեծ գոհունակութիւն կը զգամ... այսօր տակաւին իմ թարմ մատներովս կը շաղեմ ու կը խմբագրեմ յօդուածներ, որոնք պիտի հրամցուին ապագայ հայ սերունդին, եւ պիտի նպաստեն արեւմտահայերէն Ուիքիի զարգացման...

Իւրաքանչիւր ազգի մշակոյթի ու պատմութեան պաշտպանը իր հարազատ ժողովուրդն է... եթէ մենք, ցեղասպանութեան դաժան սուրին տակէն անցած հայ ժողովուրդը, պիտի չպահպանենք մեր սուրբ հողն ու մշակոյթը, պատմութիւնն ու Մեսրոպեան տարերը, ով պիտի պաշտպանէ զանոնք...

Թուրքը, դար մը առաջ, փորձեց փոշիացնել մէզ..այսօր 2017-ին, հայ երիտասարդներ կը գծագրեն Մեսրոպեան տառերը՝ համաշխարհային համացանցի վրայ...ահա թէ ով է հայը, եւ ինչ է մեր կատարած ափ մը աշխատանքին կարեւորութիւնը...


Comments
Picture
Picture
 հեռախոս։ +37493118800
Picture
Վիքիմեդիա Հայաստան 2019
Կայքի բովանդակությունը հասանելի է Քրիեյթիվ Քոմոնս Հղման-Համանման տարածման թույլատրագրի ներքո, առանձին դեպքերում հնարավոր են հավելյալ պայմաններ։

Picture
  • ԳՐԱՆՑՎԻՐ ԱՅՍՕՐ